2015-11-27 17:00:00

Քենիայէն դէպի Ուկանտա` առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 27 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ  Քենիացի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումով աւարտեց Քենիայի իր առաքելական ճամբորդութիւնը ու տեղական ժամով 14,30-ին (Հռոմի ժամով 12,30) հրաժեշտ առաւ Նայրոպիի առաքելական նուիրակութենէն եւ ուղղուեցաւ Նայրոպիի օդակայան ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի արարողութիւնը Քենիայի հանրապետութեան նախագահի ներկայութեամբ։ Ֆրանչիսկոս Պապ բարձրացաւ ապա օդանաւ եւ իրեն հետ ճամբորդող պատուիրակութեան հետ միասին ուղղուեցաւ ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Ուկանտայի տնտեսական մայրաքաղաք` Էնթեպպէ­ ուր մէկ ժամ քսան վայրկեան ճանապարհորդութեան աւարտին հասաւ Էնթեպպէի միջազգային օդակայան։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն առաջ Ուկանտան այցելող առաջին Քահանայապետը հանդիսացած է` երանելի Պօղոս Զ քահանայապետը (31 յուլիսէն 2 օգոստոս 1969-ին)։ Երկրին առաքելական այցելութիւն տուած է նաեւ վեց օրով` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը 1993-ին։

Էնթեպպէի միջազգային օդակայանին մէջ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Ուկանտայի նախագահէն ինչպէս նաեւ Ուկանտացի եպիսկոպոսներէն եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէն։

Փրոթոքոլային արարողակարգէն ետք Սրբազան Հայրը հակիրճ հանդիպում ունեցաւ Ուկանտայի նախագահին հետ ապա ինքնաշարժով ուղղուեցաւ նախագահական Պալաատ ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։

Նախագահական պալատի մուտքին Ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւորեցին նախագահական ընտանիքի անդամները ապա տեղի ունեցաւ առանձնական հանդիպում, պատուիրակութիւններու ներկայացում, ոսկեմատեանի ստորագրութիւն, նուէրներու փոխանակում։

Նախագահին հետ հանդիպումի աւարտին Սրբազան Հայրը նախագահական պալատի ''խորհրդաժողովի'' սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ուկանտայի պատկան իշխանութիւններուն հետ։

Հանդիպման սկիզբը բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ուկնատայի նախագահը Տիար Եոուերի Քակութա Մուսեվենին ապա խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար յայտնելով թէ իր Ուկանտա այցելութեան նպատակն է յիշատակել Ուկանտացի Մարտիրոսներու սրբադասումի 50 ամեակը, զոր կատարած էր իր նախորդը` Պօղոս Զ Քահանայապետը, եւ միեւնոյն ատեն արտայայտել իր բարեկամութիւնը, գնահատանքը եւ քաջալերանքը այս մեծ ազգի բոլոր զաւակներուն։

Նահատակները` ըլլան անոնք կաթողիկէ կամ անկլիքան, ազգային հերոսներ են, ըսաւ Սրբազան Պապը, Անոնք մեզի կը յիշեցնեն որ հաւատքի, բարոյական ուղղամտութեան եւ ի շահ հասարակաց բարիքին յանձնառումի կարեւորութիւնը` երկրի մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքէն ներս։ Անոնք կը յիշեցնեն թէ հակառակ կրօնական հաւատալիքներուն եւ համոզումներուն բոլորս կանչուած ենք ճշմարտութիւնը փնտռելու եւ գործելու արդարութեան եւ համերաշխութեան համար, իրար զիրար յարգելու, պաշտպանելու մէկը միւսը ու իրարու օգնելու որպէս մէկ ընտանիքի անդամներ։ Եւ այս վսեմ իտէալներու գործադրումը կը պահանջուի ձեզի պէս այրերէն ու կիներէն որոնք պարտականութիւնն ունին ապահովելու բարի կառավարումը եւ համամարդկային զարգացումը ինչպէս նաեւ Ազգային կեանքի մասնակցութիւնը ու հաւասար եւ արդար բաշխումը Արարիչին պարգեւած կենսամիջոցներուն։

Իմ այցելութեանս նպատակն է նաեւ ուշադրութիւնը հրաւիրել Ափրիկէի վրայ, անոր ներկայացուցած խոստումին, անոր յոյսերուն ու անոր պայքարներուն վրայ։ Աշխարհը Ափրիկէին կը նայի որպէս յոյսի երկիր։ Ուկնատան իսկապէս օրհնուած է Աստուծմէ բնական առատ կենսամիջոցներով զոր կանչուած էք մատակարարել որպէս պատասխանատու պահապաններ։

''Ազգը այլապէս օրհնուած է իր ժողովուրդով, անոր հաստատ ընտանիքներով, անոր երիտասարդներով ու անոր տարեցներով'', ըսաւ ապա Քահանայապետը, յայտնելով թէ անհամբեր կը սպասէ հանդիպիլ երիտասարդութեան անոնց ուղղելու համար քաջալերանքի խօսքեր ապա շեշտը դրաւ ծերունիներու օրհնեալ ներկայութեան վրայ` որոնք ժողովուրդին յիշողութիւնն են։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձ կատարեց Ուկնատայի յանձնառումին ի սպաս գաղթականներու հիւրընկալութեան, անոնց շնորհելով նոր կեանքի մը կարելիութիւնը ինչպէս նաեւ ապահովելով անոնց մարդկային արժանապատուութիւնը։

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց քաջալերելով բազմաթիւ լռելեան ջանքերը որ կը ձգտին աղքատները, հիւանդները եւ կարիքաւորները խնամել ու հաստատեց թէ փոքր գործերու մէջ է որ ի յայտ կու գայ նաեւ ժողովուրդի մը  իսկական հոգին ու դատապարտեց ''մնացորդացի մշակոյթը'' որ մեզ­, ըսաւ Ան, կուրութեան կը մատնէ։

Կը փափաքիմ ձեր հետ անցնել այս հակիրճ ժամանակը ու կ՛աղօթեմ Ձեզի համար եւ Ուկանտայի համայն ժողովրդին համար որպէս զի միշտ հաւատարիմ մնաք այն արժէքներուն որոնք կազմեցին ձեր ազգին հոգին։ Թող Տէրը իր առատ օրհնութիւններու զեղու ձեր վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.